2009-02-10 14:31:12

2009 տարին Երիտասարդութեան տարի` Ինքնութեան փնտռրուք, Հոգեւոր արժէքներու փնտռրուք, Բարոյական արժէքներու փնտռրուք։


2009 տարին Երիտասարդութեան տարի` Ինքնութեան փնտռրուք, Հոգեւոր արժէքներու փնտռրուք, Բարոյական արժէքներու փնտռրուք։

Կ՛ուզենք սկսիլ յաճախ լսուող հետեւեալ հարցադրումներով ո՞ւր է երիտասարդութիւնը այսօր, ի՞նչ մտահոգութիւններ կը դիմագրաւէ ու ի՞նչ մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուի։ Խօսելով երիտասարդութեան մասին՝ ընդհանրապէս կ՛ըսուի, թէ ան տագնապի մէջ է։ Մեր հայեցողութեամբ երիտասարդութիւնը տագնապի մէջ չէ, այլ տագնապահար ներկայ աշխարհին մէջ փնտռտուքի մէջ է։ Երիտասարդութեան փնտռտուքը ունի երեք տարբեր, սակայն իրարու հետ սերտօրէն ագուցուած տարածքներ.



- Ինքնութեան փնտռրուք։

Ներկայ ժամանակներու երիտասարդը, բոլոր ընկերութիւններու կեանքէն ներս, ինքնութեան փնտռտուքի մէջ է։ Յարատեւ շարժումի մէջ գտնուող աշխարհը, ուր արմատական փոփոխութիւններ կը յեղաշրջեն արժէքներ ու աւանդութիւններ, կառոյցներ ու համակարգեր, երիտասարդութիւնը կը մատնէ բեւեռացումի՝ երբեմն բողոքի, երբեմն ինքնակղզիացումի ու երբեմն ընկերային այլազան յոռի երեւոյթներու ճամբով արտայայտուող։ Ինքզինք ըլլալու իւրայատուկ դիմագիծ ու ինքզինք արտայայտելու ինքնուրոյն կերպ փնտռող երիտասարդութիւնը փաստօրէն շուարումի մատնուած է։ Երիտասարդութեան այս հոգեվիճակը յաճախ զինք կառաջնորդէ տարօրինակ մտածելակերպերու, գործելակերպերու ու կենցաղակերպերու։



- Հոգեւոր արժէքներու փնտռրուք։

Աշխարհի կրօնները չկրցան քայլ պահել յարափոփոխ աշխարհի յառաջացուցած նոր պայմաններուն հետ։ Անոնք մնացին ներամփոփ ու անհաղորդ՝ արտաքին աշխարհի իրականութիւններուն։ Այս կացութիւնը հոգեւոր կեանքի նկատմամբ յատուկ հակում ու զգայնութիւն ունեցող երիտասարդները յաճախ կը մղէ հոգեւոր արժէքներ փնտռելու իրենց պատկանած կրօններու կառոյցներէն դուրս։ Երբ կրօններ չեն կրնար գոհացնել իրենց երիտասարդներուն հոգեւոր ծարաւը՝ օգտակար դառնալով անոնց հոգեւոր աճման ու կազմաւորման եւ, միւս կողմէն, երբ կրօնը որպէս ազդու միջոց կը շահագործուի այլ նպատակներու, կրօնական ճշմարտութիւններու փնտռտուքին մէջ գտնուող երիտասարդները ենթակայ կը դառնան արտաքին վնասաբեր ազդեցութիւններու։



- Բարոյական արժէքներու փնտռրուք։

Բազմակրօն, բազմագոյն ու բազմամշակոյթ ընկերութիւնները, ուր աշխարհահայեացքներու ու աւանդութիւններու, արժէքներու ու արժեչափերու ակնբախ բախում մը տեղի կունենայ, երբեմն նոյնիսկ բիրտ միջոցներով ու արտայայտութիւններով, սկսած են ծնունդ տալ բարոյական արժէքներու ու ըմբռնումներու նոր համակարգի։ Ոմանք այս կացութեան մէջ կը տեսնեն աւանդական բարոյական արժէքներու նահանջ. ուրիշներ՝ ներկայ աշխարհի իրականութեանց համահունչ նոր արժէքներու յառաջացում։ Հետեւաբար ոմանց համար բարոյապէս անընդունելի նկատուող երեւոյթներ ուրիշներուն համար դարձած են բնական։ Այս շփոթ կացութեան դիմաց բարոյական արժէքներու նկատմամբ յստակ արեւելում ունենալու փնտռտուքին մէջ է երիտասարդութիւնը։

Բնականաբար նոյն այս շփոթահար պայմաններու ազդեցութեան տակ կը գտնուի այսօր նաե՛ւ հայ երիտասարդութիւնը, որ անբաժան ու անբաժանելի մասը կը կազմէ ներկայ ընկերութեան։ Հարկ է ըլլալ իրապաշտ։ Չենք կրնար կղզիացած ապրիլ ներկայ աշխարհին մէջ։ Մնայուն ու գոյութենական փոխյարաբերութեան մէջ կը գտնուինք մեր շրջապատին հետ։ Ներկայ ընկերութեան մէջ մերի եւ ձերի յստակ բաժանումները փաստօրէն սկսած են անհետանալ։ Հետեւաբար, ներկայ երիտասարդութեան փնտռտուքը նաեւ հա՛յ երիտասարդութեան փնտռտուքն է, անոր խնդիրները նաեւ հա՛յ երիտասարդութեան խնդիրներն են։








All the contents on this site are copyrighted ©.